2013-01-17 11:58:14

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց քառասունչորրորդ–Գլուխ Գ.­
ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ 1
Հարցում թիւ 156. Ի՞նչ է յաւիտենական կեանքը։
Յաւիտենական կեանքը կը սկսի մկրտութեամբ. Ան կը շարունակուի մահուընէ անդին եւ երբեք վերջ պիտի չունենայ։
Սիրահարները հետեւեալ փորձառութիւնը կ՛ունենան. Անոնք պիտի փափաքէին որ իրենց պատմութիւնը երբեք վերջ չունենայ։ Աստուած սէր է, ինչպէս կ՛ըսէ Յովհաննէսի առաջին թուղթը (Ա. Յովհաննէս 4,16)։ Իսկ սէրը ­ ըստ Կորնթացւոց Առաջին թուղթին ­ բնաւ վերջ չունի (Ա. Կորնթացւոց, 13,8)։ Աստուած յաւիտենական է, որովհետեւ համակ սէր է, եւ սէրը յաւիտենական է, որովհետեւ աստուածային է։ Երբ կ՛ապրինք սիրոյն մէջ, կը մտնենք Աստուծոյ յաւիտենական ներկայութեան մէջ։
Հարցում թիւ 157. Մեր մահուընէ ետք` արդեօ՞ք դատարանի մը առջեւ պիտի ներկայանանք։
Այն ինչ որ կը կոչեն մասնայատուկ կամ առանձնական դատաստան`տեղի կ՛ունենայ անհատի մը մահուան օրը։ Իսկ ընդհանուր դատաստանը, որ կը կոչուի նաեւ վերջին Դատաստան, տեղի պիտի ունենայ վերջին օրը, այսինքն աշխարհիս վերջը, երբ Տէրը վերստին գայ աշխարհ։
Իր մահուան պահուն` իւրաքանչիւր անձ կը հասնի ճշմարտութեան ժամին։ Այն ատեն ոչինչ կրնայ մերժուիլ կամ պահուիլ, ոչինչ կարելի է այլեւս փոխել։ Մենք կը գտնուինք դատաստանին առջեւը Աստուծոյ, որ մեզի կը հատուցանէ արդարութեամբ, որովհետեւ, իր սուրբ մերձեցումովը` մենք չենք կրնար ըլլալ եթէ ոչ արդար, այնքան արդար որքան կ՛ուզէր մեզ Աստուած երբ մեզ ստեղծեց։ Թերեւս պէտք ունինք տակաւին քաւուելու, թերեւս ալ ուղղակի Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ իյնանք։ Թերեւս ալ` այնքան լեցուած ըլլանք չարութեամբ, ատելութեամբ եւ ամէն ինչի մերժումով որ վերջնականապէս մերժենք սիրոյ դէմքը, որ Աստուծոյ դէմքն է. Իսկ առանց սիրոյ կեանք մը ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ` դժոխք։








All the contents on this site are copyrighted ©.